ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Փափաքը ունիք ձեր բարեկամներուն հանդիպելու եւ պտոյտ մը կատարելու. անոնք պիտի ընդունին ձեր առաջարկը, եւ միասնաբար հաճելի ժամեր պիտի ապրիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր ազատ ժամեր պիտի ունենաք` ձեր փափաքած հարցերը կարգադրելու, ոմանք շատ պիտի գնահատեն ձեր աշխատանքը, ուրիշներ ալ` նուազ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այս օրը պիտի անցընէք ընտանեկան մթնոլորտի մէջ, կամ ալ` ձեր մօտիկ բարեկամներով: Երկու պարագային ալ ժամերը պիտի անցնին զուարթ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ոմանք խանգարում մը ստեղծեն ձեր աշխատանքին մէջ, կարեւորութիւն մի՛ տաք: Դուք շարունակեցէք ձեր աշխատանքը հանդարտութեամբ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխուժ եւ կազմակերպուած էք: Լաւ անդրադարձ պիտի ունենաք ձեր ասպարէզին վերաբերեալ: Պիտի տաք լաւ որոշումներ ապագային համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ տնտեսական գործ մը ունիք կամ վարչական առօրեայ խնդիր մը, հարցերը պիտի ընթանան լաւ ուղղութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Զոյգերու միջեւ խնդիր մը պիտի ծագի. հասկցուելու դժուարութիւն պիտի ունենաք, որովհետեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի պնդէ իր տեսակէտին վրայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ անհանգստութիւն մը ունենաք, անմիջապէս բուժում մը կատարեցէք` առնելով կենսանիւթ մը, կամ հանգիստ ըրէք պարզապէս:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ գործունեայ եւ լաւ ծրագրուած գործունէութիւն պիտի ունենաք. ոմանք շատ պիտի գնահատեն ձեզ, ուրիշներ` նուազ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անհասկացողութիւն պիտի ըլլայ ընտանիքին մէջ, կամ` ջղային մթնոլորտ մը: Ձեզի կը մնայ համբերել եւ հանդարտ մնալ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր իրաւունք ունիք ապրելու հաճելի պահեր, երբ պիտի շրջապատուիք ձեզի սիրող անձերով: Պիտի անցընէք հաճելի օր մը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրուան տրամադրութենէն օգտուեցէք` կարգադրելու համար ձեր նիւթական հաշիւները: Պիտի ընդունիք պտոյտի հրաւէր մը, ուր հաճելի ժամեր պիտի անցընէք: