Կնոջական

Հետաքրքրական. Դիմանկարի Մը Պատմութիւնը

Հետաքրքրական. Դիմանկարի Մը Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Ստալինեան բռնապետութեան տարիներուն Մարտիրոս Սարեանի գործերէն 12 դիմանկար այրուեցան պատկերասրահի բակին մէջ: Դիմանկարները կը ներկայացնէին հայ ազգանուէր գործիչներ եւ մտաւորականներ, որոնք այդ տարիներուն Խորհրդային Միութեան կողմէ ճանչցուած էին որպէս «ժողովուրդի թշնամի»: Անոնցմէ ոմանք գնդակահարուեցան, ոմանք ալ Սիպերիա աքսորուեցան: Դիմանկարներու շարքին պէտք էր ըլլար նաեւ Եղիշէ Չարենցի դիմանկարը: Բարեբախտաբար կտաւը ոչ թէ պատկերասրահին մէջ էր, այլ` Գրականութեան եւ արուեստի...

Հետաքրքրական.  Գոգնոցի Մը Պատմութիւնը

Հետաքրքրական. Գոգնոցի Մը Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Արամ Խաչատուրեանի մօտիկ բարեկամներէն եւ երկրպագուներէն մէկը` Երջանիկ Կարախանեանը, իր տան մէջ խնճոյք կը կազմակերպէր, ամէն անգամ որ երաժիշտը Երեւան կ՛այցելէր: Խաչատուրեանը խորոված կը սիրէր: Անգամ մը ան Կարախանեանին կը զգուշացնէ, որ խորովածը նախօրօք չպատրաստէ: - Այս անգամ կ՛ուզեմ Նորքի ձեր պարտէզին մէջ իմ ձեռքովս խորոված պատրաստել, եւ դուք կը տեսնէք, թէ ի՛նչ լաւն է իմ պատրաստածը: Կարախանեանի...

Մեր Երեխաները.  Ձեռագիր Գրելու Կարեւորութիւնը

Մեր Երեխաները. Ձեռագիր Գրելու Կարեւորութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Մասնագէտներու կարծիքով, ձեռագիր գրելու վարժութիւնը չափազանց կարեւոր է եւ օգտակար երեխաներուն համար: Մանկավարժ-հոգեբան Ելենա Մակարովայի կարծիքով, գրելու ժամանակ երեխային ուղեղը կը գործէ շատ համադրուած կերպով: Գրելուն մէջ ներգրաւուած են ուշադրութեան, յիշողութեան եւ մտածողութեան գործընթացները: Մակարովա կ՛ընդգծէ, որ գրելը նաեւ կը նպաստէ խօսքի ձեւաւորման վրայ: Փաստօրէն ձեռագիր գրելը մեղմ խթան կը հանդիսանայ բոլոր մտաւոր գործողութիւններու զարգացման համար: Եզրափակելով` Մակարովա...

«Կը Խնդրենք Կանգնիլ Հայաստանի Կողքին»

«Կը Խնդրենք Կանգնիլ Հայաստանի Կողքին»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Վերջերս Միլանի մէջ կայացած Emerging Talents Milan նորաձեւութեան ներկայացման ընթացքին հայ ոճաբանները աշխարհին կոչ ուղղեցին Հայաստանի կողքին կանգնիլ` դատապարտելով ազրպէյճանական վերջին յարձակումը: Նախքան հագուստներու ցուցադրութիւնը` մեծ պաստառին վրայ յայտնուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Մինչեւ ցուցադրութեան սկսիլը հայ ոճաբանները իրենց ձայնը կը բարձրացնեն եւ կը խնդրեն կանգնիլ Հայաստանի կողքին` դատապարտելով ազրպէյճանական յարձակումը»: Հաղորդագրութեան աւարտին հայ ոճաբանները Stand with Armenia գրութեամբ...

Հետաքրքրական.  Եղնիկը` Ջերմուկի Խորհրդանիշ

Հետաքրքրական. Եղնիկը` Ջերմուկի Խորհրդանիշ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հասնիլ Ջերմուկ եւ չբարձրանալ Ջերմուկի խորհրդանիշ եղնիկին մօտ` ջերմուկցին երբեք չի ներեր... հոն գեղատեսիլ վայրերը ամէնուրեք են: Իսկ թէ ինչո՛ւ եղնիկը Ջերմուկի խորհրդանիշ դարձած է, առասպելը կը պատմէ: Աւանդապատումի մը համաձայն, շատ հին ժամանակներուն, երբ մարդոց ապրուստի հիմնական միջոցը որսորդութիւնն էր, Ջերմուկի կուսական անտառները լեցուն էին այլազան որսատեսակներով. օրին մէկը փորձառու որսորդ մը կը նետահարէ երիտասարդ եղնիկ մը:...

Հետաքրքրական. Սիլվա Կապուտիկեանի Կարի Մեքենան

Հետաքրքրական. Սիլվա Կապուտիկեանի Կարի Մեքենան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Բանաստեղծուհիին տուն-թանգարանը բացուած է 20 յունուար 2009-ին, անոր ծննդեան 90-րդ տարեդարձին օրը: Կապուտիկեանի կեանքը պատմող բազմաթիւ իրերու շարքին ցուցադրուած է նաեւ կարի մեքենայ մը, զոր բանաստեղծուհիին մայրը` Լիա Կապուտիկեանը, գներ էր Երեւանի հրուշակեղէնի գործարանին մէջ, որպէս գլխաւոր հաշուապահ աշխատած տարիներուն: Գաղթական ընտանիքը այդ տարիներուն աւելորդ ծախսեր ընելու հնարաւորութիւն չունէր, բանաստեղծուհիին մօր աշխատանքին շնորհիւ էր, որ անոնք այդ «շռայլ»...

Հետաքրքրական Դրուագ Մը.  Պօղոս Նուպար Փաշային Կինը

Հետաքրքրական Դրուագ Մը. Պօղոս Նուպար Փաշային Կինը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Գործարար, քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ Պօղոս Նուպար փաշա նախնական ուսումը ստացած է տունը հրաւիրուած ուսուցիչներու միջոցով, այնուհետեւ ուսանած է Զուիցերիոյ եւ Ֆրանսայի համալսարանները եւ 1879-ին մեկնած է Կոստանդնուպոլիս, ուր ամուսնացած է թրքական արքունիքի յանձնակատար Յովհաննէս Տատեան պէյի աղջկան` Մարիի հետ: Զոյգը ունեցած է հինգ զաւակ` չորս որդի եւ մէկ դուստր: Օրին մէկը Պօղոս Նուպար փաշա կը նկատէ, որ...

Առողջապահական.  5 Բան, Որ Պէտք Է Ընել Սննդային Թունաւորումէ Պաշտանուելու Համար

Առողջապահական. 5 Բան, Որ Պէտք Է Ընել Սննդային Թունաւորումէ Պաշտանուելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ  Փորհարութիւն, սիրտխառնուք, փսխում, փորի ցաւ, ջերմութիւն ահաւասիկ սննդային թունաւորումի գլխաւոր ախտանշանները: Առողջ մարդուն մօտ սննդային թունաւորումը յաճախ թեթեւ է եւ կ՛անցնի երկու-երեք օրուան ընթացքին: Բայց արիւնոտ կղկղանքի կամ ջերմութեան պարագային պէտք է դիմել բժիշկին: Ի՞նչ ընել սննդային թունաւորումի վտանգը սահմանափակելու համար 1) Ձեռքերը յաճախ լուացէք: Բաղնիքէն դուրս գալէ ետք եւ շուկայէն վերադարձին անպայման լուացէք ձեր ձեռքերը, քանի որ...

Գերարդիւնաւէտ Խորհուրդներ` Ամրան Տօթին Տունը Զովացնելու Համար

Գերարդիւնաւէտ Խորհուրդներ` Ամրան Տօթին Տունը Զովացնելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ - 1 - Նախքան տունը զովացնելու մասին մտածելը` յիշեցէք, որ ամրան տօթին պէտք է փակէք պատուհաններուն եւ դուռերուն փեղկերը կամ շերտաւոր վարագոյրները, որպէսզի արեւը ներս չթափանցէ, եւ սենեակը զով մնայ: - 2 - Գիշերը օդափոխել սենեակները եւ թոյլ տալ, որ թարմ ու զով օդը տուն մտնէ: - 3 - Անջատել ելեկտրական բոլոր սարքերը, որոնք կը նպաստեն ջերմաստիճանի բարձրացման:...

Ինքնուրոյն Երեխայ Դաստիարակելու 7 Կանոններ

Ինքնուրոյն Երեխայ Դաստիարակելու 7 Կանոններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեխայի դաստիարակութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը, եթէ ոչ` գլխաւորը, երեխային ինքնուրոյնութիւն սորվեցնելն է: Ծնողներուն կողմէ ցուցաբերուած չափազանցուած հոգատարութիւնը յաճախ պատճառ կը դառնայ, որ երեխան մեծնայ անհոգ ու անպատասխանատու, բայց նաեւ` անինքնավստահ եւ չկողմնորոշուող: Ստորեւ կը ներկայացնենք ինքնուրոյն երեխայ դաստիարակելու քանի մը հիմնական կանոններ. - Ձգեցէք, որ երեխան առանձինը ուտէ, նոյնիսկ եթէ առաջին փորձերուն կերակուրը կամ կաթը պիտի թափթփէ: Նոյնպէս...

Առողջապահական.  Մաշկաբանին Կարծիքով

Առողջապահական. Մաշկաբանին Կարծիքով

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Journal of Clinical Microbiology»-ի կողմէ հրատարակուած հետազօտութիւն մը կը հաստատէ, որ լոգանքի համար նախատեսուած սովորական, ցանցաձեւ սպունգը մանրէներու բազմացման լաւագոյն վայրն է: Մաշկաբան Մեթիու Նայթը դէմ է նման սպունգի օգտագործման եւ կը պնդէ, որ նմանատիպ սպունգները աւելի մեծ վնաս կը հասցնեն մարմնին, քան` օգուտ: Մաշկաբանին կարծիքով, մարդիկ լոգանքէն ետք սպունգը կը ձգեն բաղնիքը` խոնաւ եւ տաք միջավայրի մէջ,...

Խնկունիի Օգտագործման Հետաքրքրական Տարբերակներ

Խնկունիի Օգտագործման Հետաքրքրական Տարբերակներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Խնկունիին (հազրեվարդ) մշտադալար եւ անուշաբոյր խոտաբոյս մըն է, որ ծագում առած է Միջերկրական ծովու ափերէն եւ կ՛ախորժի տաք վայրերէն: Խնկունի կարելի է աճեցնել թէ՛ պարտէզը եւ թէ՛ թաղարի մէջ, ան քիչ խնամք պահանջող, բայց իր իւրայատուկ բոյրով եւ համով տարբերուող բոյս է: Այսօրուան սիւնակով, եկէք, ծանօթանանք տան մէջ խնկունիի օգտագործման հետաքրքրական տարբերակներու: - Ձիթապտուղի ձէթը համեմելու համար Փոքրիկ ...

Զբաղումներ, Որոնք Թոյլ Չեն Տար,  Որ Մեր Ուղեղը «Ժանգոտի»

Զբաղումներ, Որոնք Թոյլ Չեն Տար, Որ Մեր Ուղեղը «Ժանգոտի»

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Օրուան ընթացքին որքան ալ զբաղած ու ծանրաբեռնուած ըլլանք, պէտք է ժամանակ տրամադրենք մեր սրտին խօսող զբաղումներու, որոնք ոչ միայն մեզ կ՛անջատեն միօրինակ առօրեայէն, այլեւ կը խթանեն մեր ուղեղին աշխատանքը եւ թոյլ չեն տար, որ վերջինս «ժանգոտի»: Եւ այսպէս` ԽՈԿՈՒՄը կը նուազեցնէ ընկճախտի մակարդակը եւ արեան ճնշումը, կ՛ամրապնդէ դիմադրողականութեան համակարգը, կ՛աւելցնէ կեդրոնանալու ունակութիւնը: Ընդամէնը տասը վայրկեան լիարժէք խոկալով թէ՛...

Մեր Առողջութեան Վնասող Չորս Զգացումները

Մեր Առողջութեան Վնասող Չորս Զգացումները

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հոգեբաններու կարծիքով, կան մարդկային 4 զգացումներ, որոնք բացասական ազդեցութիւն կը գործեն մեր առողջութեան վրայ եւ կը խանգարեն մեր հոգեկան անդորրութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը: Ուսումնասիրելով 2000 կամաւորներու 5 տարուան վրայ երկարող վարքն ու առողջական վիճակը` աւստրալիական հետազօտութիւն մը առանձնացուցած է մարդկային չորս զգացումներ, որոնք կը վնասեն մեր առողջութեան: Նախանձը Հոգեբաններու եզրակացութիւնները կը վկայեն, որ հարազատներու կամ անծանօթներու մշտապէս նախանձողները աւելի...

Մեծ Հայրիկի Եւ Մեծ Մայրիկի Ներկայութեան Առաւելութիւնները` Թոռնիկներուն Համար

Մեծ Հայրիկի Եւ Մեծ Մայրիկի Ներկայութեան Առաւելութիւնները` Թոռնիկներուն Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հոգեբաններու կարծիքով, թոռները, որոնք հնարաւորութիւն ունին մեծնալու իրենց մեծ մամաներուն եւ մեծ հայրիկներուն հետ, աւելի հաւասարակշռուած կեանք կը կառուցեն շնորհիւ այն բոլոր բաներուն, զորս կը սորվին անոնցմէ: Քեպէքի Շերպրուք համալսարանի դասախօս Ֆանի Փելըթիէ երկարաշունչ ուսումնասիրութեան մը աւարտին յանգած է այն հաստատ համոզումին, որ մեծ հօր եւ մեծ մօր կողքին մեծցող երեխաները մեծ առաւելութիւններ կը վայելեն: «Current Botug» ամսագրին...

Գեղեցկագիտական.  Դէմքը Մաքրելու Բնական Բաղադրատոմսեր

Գեղեցկագիտական. Դէմքը Մաքրելու Բնական Բաղադրատոմսեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հնդկընկոյզի Իւղով Հնդկընկոյզը կը պարունակէ լինոլիք թթու, որ կ՛օգնէ բշտիկներու բուժման, ինչպէս նաեւ` լորիք թթու, որ կը խոնաւցնէ մորթը եւ հակամանրէ յատկութիւն ունի: Հետեւաբար հնդկընկոյզի իւղը քսեցէք ձեր դէմքին եւ սպասեցէք քառորդ ժամ, ապա տաք ջուրի մէջ թրջուած խոնաւ անձեռոցով մը ծածկեցէք ձեր դէմքը, որպէսզի մորթին ծակտիկները բացուին: Քառորդ ժամ ետք դէմքը մաքրեցէք նախ խոնաւ անձեռոցով, յետոյ` մաքուր...

Ամրան Տաքին Դիմանալու 6 Պարզ Միջոցներ

Ամրան Տաքին Դիմանալու 6 Պարզ Միջոցներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ամրան եղանակին արեւին տակ երկար մնալը կրնայ յանգեցնել մորթային այրուածքի, ջրազրկումի եւ նոյնիսկ արեւահարութեան: Ջրազրկումը ամրան եղանակի ամենատարածուած խնդիրներէն մէկն է: Անիկա կը սպառնայ բոլոր տարիքի մարդոց, բայց աւելի շատ` մանուկներուն եւ տարեցներուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք ջրազրկումէ պաշտպանուելու միջոցներ: -1- Ջրազրկումը կանխելու լաւագոյն տարբերակը օրուան ընթացքին շատ ջուր խմելն է: Ջուրին կրնաք աւելցնել կիտրոնի շերտ մը, թարմ անանուխի...

Այլազան.  Կնոջ Կերպարով Արձանները Սակաւաթիւ Են Հայաստանի Մէջ

Այլազան. Կնոջ Կերպարով Արձանները Սակաւաթիւ Են Հայաստանի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեան հեղինակն է բոլորիս սիրելի շատ մը արձաններու, ինչպէս` «Անուշ եւ Սարօ», Մարտիրոս Սարեանի յուշարձան, «Կարաբալա», «Տագնապ» խմբաքանդակ, Վազգէն Սարգսեանի յուշարձան (որ այժմ ոչնչացուած է Շուշիի մէջ) եւ այլն... Տարիներ առաջ հարցազրոյցի մը առիթով քանդակագործը շեշտած է կնոջ կերպարով քանդակներու բացակայութիւնը, ըսենք սակաւութիւնը` Հայաստանի մէջ: Թոքմաջեանի կարծիքով, այս երեւոյթը պայմանաւորուած է պատուէրներու բացակայութեամբ: Իր օրինակէն մեկնելով`...

Երեխան Ինչպէ՞ս Նախապատրաստել Քունի

Երեխան Ինչպէ՞ս Նախապատրաստել Քունի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Երեկոյեան ծնողները անհամբեր կը սպասեն, թէ ե՛րբ իրենց «չարաճճի» երեխան վերջապէս հանգիստ կը պառկի, աչքերը կը փակէ ու քունի կ՛անցնի: Բայց ցաւօք, կ՛անցնի ժամը մը, երկու, իսկ երեխան տակաւին կայտառ կը թռչկոտէ անկողինին մէջ: Որպէսզի երեխան քնացնելը տաժանակիր աշխատանքի չվերածուի, նախքան անոր անկողին ղրկելը պէտք է մտածել մէկ-երկու հանգիստ խաղերու մասին, որոնք կ՛օգնեն փոքրիկին քնանալ առանց քմայքի, լացի...

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին.  Բջիջայինէն Կախուածութիւն Ունի՞ք

Ձեր Պատասխանները Կը Պատմեն Ձեր Մասին. Բջիջայինէն Կախուածութիւն Ունի՞ք

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հաւանաբար ձեզի ծանօթ է թեթեւ խուճապի եւ հիասթափութեան զգացումը, երբ բջիջայինը, տունը մոռցած էք: Իսկ դուք գիտէ՞ք, որ ժամանակակից հասարակութիւնը կը տառապի նոմոֆոպիա կոչուած յատուկ վիճակէն: Այս բառը յառաջացած է անգլերէն «no mobile phobia» արտայայտութենէն  եւ ներմուծուած է մասնագէտներու կողմէ` բջիջայինը կորսնցուցած մարդոց անհանգստութեան երեւոյթը բնութագրելու համար: Հոգեբաններ պատրաստած են հարցաշար մը` մարդոց մօտ նոմոֆոպիայի աստիճանը ստուգելու համար:...

Page 8 of 23 1 7 8 9 23

Արխիւներ