
«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Շանվիլ ներկայացուց 2017-2018 տարեշրջանի իր խումբը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, որ կը ներկայացնէր նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ինչպէս նաեւ այլ անդամներ, Շանվիլ ակումբի նախագահ Աքրամ Սաֆա եւ ակումբի վարչութեան այլ անդամներ, մարզական լրագրողներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ խումբին մարզիկները:
Իր խօսքին մէջ Սաֆա ըսաւ, որ իրենք յաջողեցան պատրաստել բաւական զօրաւոր խումբ մը, որ կրնայ եւ ի վիճակի է Լիբանանի ախոյեան հանդիսանալ: Ան ըսաւ, որ ակումբի պասքեթպոլի յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Մնասսայի կատարած աշխատանքներուն շնորհիւ Շանվիլ ունեցաւ այժմու իր կազմը:
Ապա ներկայացուեցան խումբին մարզիկները, որոնք կը բաղկանան հետեւեալներէն (մարզիչ` Ղասսան Սարգիս).
Էլի Ռըսթոմ (խմբապետ), Ֆետի Խաթիպ, Ահմետ Իպրահիմ, Ահմետ Սպայթի, Սիմոն Տըրղամ, Տանիել Ֆարես, Ճոն Ասսի, Նետիմ Հաուի, Ալպեր Զէյնուն, Ալի Ֆարհաթ, Մայք Հատտատ, Փաթրիք Ռեմպըրթ, Ժեհոնտրէ Ճեֆըրսըն եւ Ճասթին Հաուքինզ:
Միւս կողմէ, վաղը` ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Շանվիլ իր դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի) պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Անթունիէի դէմ:


