
Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցող Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի 27-րդ միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր կ՛աւարտին Ա. հանգրուանի մրցումները, երբ Բ. խմբակին մէջ տեղի կ՛ունենան վերջին երկու մրցումները:
Յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Պէյրութ կը մրցի Մուժամահ Փեթրոլիի դէմ (Թունուզ), մինչ երեկոյեան ժամը 17:30-ին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ – «ԱԷՔ» Լառնաքա (Կիպրոս) մրցումը:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է երկու յաղթանակ, երրորդը արձանագրելու պարագային պիտի գրաւէ առաջին դիրքը: Շատ հաւանական է, որ Պէյրութ գրաւէ 2-րդ դիրքը եւ ՀՄԸՄ-ի հետ միասին ապահովէ կիսաւարտականի իր տոմսը:
Ա. խմբակին մրցումները աւարտեցան երէկ:
Ռիատի, որ 6 կէտով գրաւեց առաջին դիրքը, 3 կէտի տարբերութեամբ միայն յաղթեց ուքրանական Չերքասիի` 66-63 արդիւնքով: Վերջինս, որ 5 կէտով գրաւեց 2-րդ դիրքը, իր կարգին հիւրընկալ խումբին հետ հասաւ կիսաւարտականին:
Սըրրիեթ Ռամալլա (Պաղեստին) եւ Տալիա (Թունուզ) դուրս մնացին մրցաշարքէն: