Խմբակներու դրութեամբ կատարուող «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանին գծով այսօր տեղի կ՛ունենան 24 ճակատումներ` 12 խմբակներու մէջ:
Մրցումներուն մէկ մասը պիտի սկսի ժամը 20:00-ին, իսկ միւս մասը` ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Աթալանթա – Էվըրթըն, Արսենալ-Քէօլն, Հերթա Պերլին – Աթլեթիքօ Պիլպաօ, Աւստրիա Վիեննա – Ա. Սէ. Միլան, ինչպէս նաեւ այլ մրցումներ, կը խոստանան ըլլալ հետաքրքրական:
Մրցաշարքին մասնակցող խումբերու կարգին են նաեւ Լիոն, Մարսէյ, Լացիօ Ռոմա, Նիս, Ռէալ Սոսիետատ, Վիարէալ, Հոֆընհայմ եւ ուրիշներ:


