
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ այսօր` ուրբաթ, 2 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Սմոլ Վիլ» պանդոկին մէջ (Թանգարանի շրջան-Պատարօ) տեղի պիտի ունենայ Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ կատարուելիք, Լիբանան – Թայփէ թենիսի «Տէյվիս Քափ» մրցաշարքի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, մինչ մրցաշարքին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը պիտի կատարուի վաղը` շաբաթ, 3 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 12:00-ին, Թաատոտի դաշտին վրայ (Պէյրութ): Հանդիսութեան ուղղակի պիտի յաջորդեն մրցումները: Անոնք պիտի շարունակուին նաեւ կիրակի, 4 փետրուարին, դարձեալ յետմիջօրէի ժամը 12:00-էն սկսեալ:
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ լիբանանցի մարզասէր հասարակութեան եւ ի մասնաւորի թենիսի սիրահարներուն կոչ ուղղեց վաղը ուղղուելու Թաատոտի դաշտը եւ քաջալերելու Լիբանանի թենիսի տղոց ազգային խումբը:


