Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին կեդրոնատեղիին մէջ (Պաապտա) տեղի ունեցած յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 9-25 փետրուար 2018-ին Փիոնկ Չանկ (Հարաւային Քորէա) մեկնող լիբանանեան պատուիրակութեան ցանկը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ձմեռնային 23-րդ ողիմպիական խաղերուն:

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին հրապարակած ցանկին մէջ, պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռեմոն Սըքքար, պատասխանատուներն են Ֆրետի Քէյրուզ, Եուսեֆ Խալիլ, մարզիչները` Սելիմ Քէյրուզ, Ռոման Կարսան, իսկ դահուկարշաւի մրցումներուն մասնակցողները` Նաթաշա Մախպաթ, Ալեն Պըհլոք (Ալփին Սքիինկ) եւ Սամեր Թոք (Քրոս Քաունթրի):
Այս մամլոյ ասուլիսին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուց, թէ միջազգային ողիմպիական կոմիտէին ո՛ր օրէնքներուն հիման վրայ կազմեց այս երեք մարզիկներուն ցանկը, հակառակ անոր որ որոշ անձեր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս գծով իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը Հարաւային Քորէա կը մեկնի երկուշաբթի, 5 փետրուար 2018-ին:


