«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ ճակատումներ:
Օքլահոմա Սիթի, որ Տենվըր Նակեթցի հիւրն էր, երեք կէտի տարբերութեամբ` 127-124 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, հակառակ անոր որ Օքլահոմայի մարզիկներէն Փոլ Ճորճ նշանակեց 43 կէտ: Ժամալ Միւրէյ (Նակեթց) նշանակեց 33 կէտ, մինչ անոր խմբակից Նիքոլա Եոքիչ թրիփըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (29 կէտ, 13 ռիպաունտ, 14 էսիսթ):
Տիթրոյիթ Փիսթընզ երկու կէտի տարբերութեամբ` 104-102 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Մեմֆիս Կրիզլիզին: Պլէյք Կրիֆին (Փիսթընզ) նշանակեց 24 կէտ, մինչ Մարք Կազոլ (Կրիզլիզ)` 19:
Հիուսթըն Ռոքեթց 102-91 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզի դաշտէն: Յաղթական կազմի մարզիկ ՃԷյմս Հարտեն նշանակեց 28 կէտ:
Նոյնքան կէտ նշանակեց Ճիմի Պաթլըր, երբ անոր կազմը` Մինեսոթա Վուլվզ, յաղթեց Միլուոքի Պաքսին (108-89):
Վերջապէս, երէկուան վերջին մրցումին, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 122-119 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ:



