Ինչպէս ծանօթ է, 3-4 փետրուարին Թաատոտ ակումբին (Պէյրութ) մէջ տեղի կ՛ունենայ Լիբանան – Թայփէ մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիա – Ովկիանիա թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:

Այս մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը «Սմոլ Վիլ» պանդոկին մէջ (Պատարօ) տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին մանրամասն անդրադարձաւ այդ մրցումին:
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքէն ետք յոյս յայտնեց, որ տեղի ունենալիք այս մրցումին լիբանանցի մեծ թիւով համակիրներ կու գան քաջալերելու իրենց մարզիկները, որովհետեւ Թայփէի դէմ այս ճակատումը կը նկատուի բաւական կարեւոր` յաջորդ հանգրուան հասնիլ կարենալու համար:
Ան նշեց, որ աշխարհի մէջ, Լիբանանի կազմը այն միակ խումբն է, որ ունի ամէնէն երիտասարդ մարզիկները, որոնց տարիքը միջին հաշուով կը տարուբերի 20 տարեկանի շուրջ:
Ան աւելցուց, որ փորձառու մարզիչ Նասրի Աշքարի հսկողութեամբ, լիբանանցի մարզիկները բազմաթիւ փորձեր կը կատարեն եւ լաւապէս պատրաստուած են այդ ճակատումին:
Խումբին մարզիկներն են` Պենժամին Հասան, Հետի Հապիպ, Ճիովանի Սըմահա, Ժան Պալլութ եւ Միշել Սաատէ:



