Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ շաբաթ, 3 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) պիտի կատարէ 2017 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը:
Յաջորդաբար խօսք պիտի առնեն Լիբանանի սուսերամարտի ֆետերասիոնը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին նախագահը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչը:
Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին միայն մարզիկները չէ, որ պիտի պարգեւատրուին, այլ նաեւ` ֆետերասիոնին իրաւարարներն ալ, որոնք իրենց ամէն կարելին ըրին, որպէսզի տարին ամբողջացնեն բարձրացնելով սուսերամարտի մարզաձեւին մակարդակը:



