Ժընեւի մէջ գտնուող Մարզական վճռաբեկ դատարանը (ՔԱՍ), գոհացում տալով 28 ռուս ողիմպիական մարզիկներուն բողոքին, չեղեալ նկատեց անոնց ցմահ որակազրկումը եւ արգելքը` ողիմպիական խաղերուն մասնակցելէ:
Դատական նիստերը տեղի ունեցան 22-27 յունուարին: Լեկքովի, Թրեթիաքովի, Քրիուքովի եւ Սոչի-2014-ի ողիմպիական խաղերուն մնացեալ ռուս մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները վերահաստատուեցան: Այսպիսով, անոնք իրաւունք կ՛ունենան ապագային մասնակցելու ողիմպիականին: Անոնց պիտի վերադարձուին նաեւ Սոչիի ողիմպիական մետալները:
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն, մեկնաբանելով վճռաբեկ դատարանին այս որոշումը, իր հիասթափութիւնը յայտնեց: Անիկա նոյնիսկ որոշեց այդ որոշումը ուղարկել Զուիցերիոյ մէկ կարեւոր դատարանը: Բայց եւ այնպէս ՔԱՍ-ի որոշումը մարզական աշխարհին մէջ կը նկատուի վերջնական եւ անվիճելի:



