Կազմակերպութեամբ Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբին, հսկողութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ թեքուանտոյի անոր ներքին մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 70 երկսեռ մարզիկներ:
Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Լուէյզի ակումբի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Լուիսի, որ բացման հանդիսութեան ընթացքին ողջունելով ներկաները յաջողութիւն մաղթեց մասնակցող մարզիկներուն:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մարզիկներուն ծնողներուն: