Նախորդ շաբաթավերջին Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) 11-րդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի օդային մրցումը, որ կատարուեցաւ բաւական հետաքրքրական մրցակցութեան մթնոլորտի մը մէջ:
Ամերիկացի Մայքըլ Ժուլիըն (1968-ի ծնունդ) «Մասթըրզ»-ի դասակարգին մէջ հանդիսացաւ առաջին` 2009-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց ճափոնցի Եուշիհիտի Մուրուպա (1973-ի ծնունդ), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց չեխ Մարթին Սոնքա (1978-ի ծնունդ):
Յայտնենք, որ 2018-ի օդային այս մրցումը այս գծով ախոյեանութեան առաջին հանգրուանն է (ընդամէնը` 8 հանգրուան):
Այս առաջին հանգրուանի մրցումին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 50 հազար հանդիսատեսներ, որոնք ըմբոշխնեցին օդին մէջ մղուող պայքարը օդանաւերու վարորդներուն միջեւ, որոնք կը սուրային շատ մեծ արագութեամբ:
Ամերիկացին արձանագրեց 53՛՛ 695 արդիւնք մը, ճափոնցին` 53՛՛ 958, իսկ չեխը` 54՛՛ 650:
Անոր մասնակցեցաւ նաեւ 2017-ին երրորդ հանդիսացած նախկին ախոյեան գերմանացի Մաթիաս Տոլտիրըր, որ օրէնքները խախտած ըլլալուն պատճառով գրաւեց դասաւորման վերջին դիրքը:
Առաջին երեք դիրքերը գրաւողները յաջորդաբար ստացան 15, 12 եւ 9 կէտեր:




