Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ ժողով մը` ֆետերասիոնին կարգ մը անդամներուն եւ լիբանանցի միջազգային իրաւարարներուն միջեւ:
Այս ժողովին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք եւ Լիբանանի ազգային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Աքրամ Հալապի:
Ժողովականները այս հանդիպումը որակեցին դրական` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ իրաւարարներուն:
Սակայն միջազգային իրաւարարները, որոնք այժմ գործադուլի մէջ են, շեշտեցին այն կարեւոր կէտը, որ ֆետերասիոնը պէտք է նաեւ գործադրէ օրէնքը` պատժելով օրինազանցները, որոնք ցարդ կը մնան անպատիժ:
Անոնք նշեցին, որ իրենք պատրաստ են վերադառնալու պասքեթպոլի դաշտերը, սակայն այն պայմանով, որ ֆետերասիոնը պատժէ յանցագործները:
Երկու կողմերուն միջեւ այսօր` հինգշաբթի, 8 փետրուարի երեկոյեան ժամը 18:00-ին այլ ժողով մըն ալ տեղի պիտի ունենայ եւ կը կարծուի, որ իրաւարարները վերջ մը պիտի դնեն իրենց գործադուլին` ֆետերասիոնին տալիք կարեւոր մէկ որոշումէն ետք:



