Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, որոնք կը կատարուին նաք-աութի դրութեամբ:
Իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեց 20 կէտի տարբերութեամբ` 68-48 արդիւնքով յաղթանակ մը` Տէյր Ահմար խումբին դէմ:
Յաջորդ մրցումին թուականը եւ մրցակիցին անունը ցարդ յստակ չեն: Կը կարծուի, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին անոնք կը յստականան:
ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց խումբին մարզիչն է Մհեր Ծատուրեան: