Նախորդ շաբաթավերջին Սլովենիոյ մէջ իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը:
Փորթուգալ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, երբ աւարտականին յաղթեց գործող ախոյեան Սպանիոյ` 3-2 արդիւնքով, երկարաձգումէն ետք: Մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 հաւասարութեամբ:
Պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Ռուսիա, իր երրորդ դիրքի մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ղազախստանին:



