Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ
Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը 2025-2026 տարեշրջանի իր 2-րդ հանգրուանի մրցումին պիտի ըլլայ հիւրը Անդրանիկին: ՀՄԸՄ 90-80 արդիւնքով յաղթած էր իր առաջին մրցումին` Հուփսի դէմ, մինչ Անդրանիկ 85-81 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Քլիւպ Սանթրալէն (Մարքազիէ), այս վերջինիս դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ իր առաջին մրցումին բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ, մինչ Անդրանիկ իր կարգին լաւ...




















