Մարզական

Ռէալ Մատրիտ Վերջապէս Յաղթեց «Քլասիքօ»-ին

Ռէալ Մատրիտ Վերջապէս Յաղթեց «Քլասիքօ»-ին

«Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումին, Ռէալ Մատրիտ 5 անգամ ձախողելէ ետք վերջապէս կրցաւ յաղթել Պարսելոնային` «Էլ-Քլասիքօ» մրցումին: Մրցումը լարուած էր եւ հետաքրքրական: 12-րդ վայրկեանին Քիլիան Էմպափէ գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց, բայց «ՎԱՐ» չվաւերացուց զայն, քանի որ ֆրանսացի յառաջապահը քանի մը սանթիմեթրով օֆսայտ էր... Ռէալ Մատրիտ շարունակեց իր յարձակումները եւ 10 վայրկեան ետք, Ճուտ Պելինկհամի փոխանցումէն ետք, այս անգամ Էմպափէի...

«Ֆորմիւլա 1».  Նորիս Շահեցաւ Մեքսիքայի Կրան Փրին Եւ Վերագրաւեց Առաջին Դիրքը

«Ֆորմիւլա 1». Նորիս Շահեցաւ Մեքսիքայի Կրան Փրին Եւ Վերագրաւեց Առաջին Դիրքը

Բրիտանացի Լանտօ Նորիս վերագրաւեց «Ֆորմիւլա 1»-ի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը, կիրակի գիշեր շահելէ ետք Մեքսիքայի կրան փրին: Նորիս առաջին դիրքէն սկսաւ եւ մնաց անմրցելի` արձանագրելով տարուան իր 6-րդ յաղթանակը, եւ օգտուելով իր խմբակից Օսքար Փիասթրիի վերջին ձախողութիւններէն` գրաւեց առաջին դիրքը: Այժմ Նորիս 1 կէտի առաւելութիւն ունի Փիասթրիի վրայ, մինչ վերջին 4 տարիներու ախոյեան Մաքս Վերշթափըն գրաւեց 3-րդ դիրքը «Ֆեռարի»-ի վարորդ...

«Էն. Պի. Էյ.» Սփըրզ Իր 3-րդ Մրցումը Յաղթեց. Պոսթըն Եւ Ինտիանա 3-րդ Պարտութիւնը Կրեցին

«Էն. Պի. Էյ.» Սփըրզ Իր 3-րդ Մրցումը Յաղթեց. Պոսթըն Եւ Ինտիանա 3-րդ Պարտութիւնը Կրեցին

Այս տարեշրջանը լաւ սկսաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որ 118-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրուքլին Նեթցը, «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն: Վիքթոր Ուեմպանեամա 31 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Պրուքլինի մարզիկ Քեմ Թոմաս 40 կէտ նշանակեց: Պոսթըն Սելթիքս իր յաջորդական 3-րդ պարտութիւնը կրեց` 119-113 արդիւնքով պարտուելով Տիթրոյիթ Փիսթընզէն: Ճէյլըն Պրաուն 41 կէտ նշանակեց, բայց բաւարար չէր: Տիթրոյիթի մարզիկ Ճէյլըն Տիւրըն 24...

«Պունտըսլիկա».   Պայերն Միւնիխ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց

«Պունտըսլիկա»-ի 8-րդ հանգրուանի իր մրցումին, ախոյեան Պայերն Միւնիխ բաւական դժուարութիւն ունեցաւ Մէօնշընկլատպախի դէմ իր մրցումին, եւ 1 ժամէ աւելի լուծումներ չունենալէ ետք վերջապէս 64-րդ վայրկեանին կրցաւ գրաւել Մէօնշընկլատպախի բերդը: Վերջին դիրքը գրաւող Մէօնշընկլատպախ 19-րդ վայրկեանէն կը խաղար 10 մարզիկներով երբ քորէացի Ենս Քասթրոփ դաշտէն վտարուեցաւ Լուիս Տիասի վրայ կոշտ ֆաուլէ մը ետք: Բնականաբար Մէօնշընկլատպախ 10 մարզիկներով պաշտպանուեցաւ մինչեւ Պայերնի առաջին...

Մարմնամարզութիւն.  Մամիկոն Խաչատրեան Արծաթէ Մետալակիր

Մարմնամարզութիւն. Մամիկոն Խաչատրեան Արծաթէ Մետալակիր

18 տարեկան հայ մարմնամարզիկ Մամիկոն Խաչատրեան արծաթէ մետալ նուաճեց Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան մրցումներուն: Երիտասարդ մարզիկը փայլուն ելոյթ ունեցած է նժոյգի վարժութեան աւարտականին 14.600 կէտ հաւաքելով: Հետաքրքրականը այն է, որ Չինաստանի ներկայացուցիչ Հոն Եան Մին նոյնքան կէտ հաւաքեց, բայց ան լրացուցիչ հաշիւներու արդիւնքներով ստացած է ոսկի մետալ: Ստորեւ նժոյգի վարժութեան վերջնական արդիւնքները. 1.- Հոն Եան Մին (Չինաստան)...

Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակ.  Զելարայեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց,  Բայց Պելկրանօ Դուրս Մնաց

Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակ. Զելարայեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց, Բայց Պելկրանօ Դուրս Մնաց

Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Լուքաս Զելարայեան հիանալի կոլ մը նշանակեց Արժանթինի ֆութպոլի բաժակի կիսաւարտականի մրցումին: Պելկրանոյի խմբապետ Զելարայեան 36-րդ վայրկեանին մեծ քառակուսիին դուրսէն անզսպելի հարուածով «անշարժացուց» Արժանթինի ազգային խումբի նախկին բերդապահ Սերխիօ Ռոմերոն, որ Արխենթինոս Ժունիորզի բերդապահն է: Սակայն Բ. կիսախաղին մրցակից խումբը աւելի լաւ խաղցաւ եւ երկու կոլ նշանակեց շնորհիւ Հերնան Լոփեսի եւ Թոմաս Մոլինայի, պատճառ դառնալով, որ Պելկրանօ...

«Էմ. Էլ. Էս.»  Մեսսի Փայլեցաւ Մայեմիի Հետ` Նշանակելով 2 Կոլ

«Էմ. Էլ. Էս.» Մեսսի Փայլեցաւ Մայեմիի Հետ` Նշանակելով 2 Կոլ

ԼիոնելՄեսսի նշանակեց երկու կոլ, եւ Ինթեր Մայեմի օգտուեցաւ Նաշվիլի «տկար» ելոյթէն` վերջինիս 3-1 արդիւնքով յաղթելով եւ 1-0 արդիւնքով յառաջանալով փլէյ-օֆի առաջին ճակատումին: Արժանթինցի աստղը իր լաւագոյն մրցումը չունեցաւ, բայց ճիշդ պահերուն առիթը օգտագործեց, եւ Ինթեր Մայեմի լաւ ձեւով սկսաւ փլէյ-օֆի արշաւը: Մրցումը լաւ ձեւով չսկսաւ Մայեմիի համար, որ առաջին վայրկեանէն կոլ կրնար ստանալ, երբ Շաֆելպուրկ առանձին դէպի Մայեմիի բերդը կը...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լիվըրփուլ Կը Շարունակէ… Պարտուիլ

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Կը Շարունակէ… Պարտուիլ

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 9-րդ հանգրուանին, ախոյեան Լիվըրփուլ իր յաջորդական 4-րդ պարտութիւնը կրեց` 3-2 արդիւնքով պարտուելով Պրենթֆորտէն: Տանկօ Ուաթարա եւ Քեւին Շատէ նշանակեցին Պրենթֆորտի եւ մրցումին առաջին կոլերը, բայց Միլոշ Քերքեզ կիսախաղի սուլիչէն առաջ կոլով մը պատասխանեց: Կը սպասուէր, որ Բ. կիսախաղին Լիվըրփուլ աւելի լուրջ յարձակումներ կազմակերպէ, բայց գնդակին տիրապետելը բաւարար չէր, եւ մրցակից Պրենթֆորտն էր, որ կոլ մը եւս աելցուց...

«Սերի Ա.»  Ինթեր Միլան Ծանր Պարտութիւն Կրեց Նափոլիի Դաշտին Վրայ (3-1)

«Սերի Ա.» Ինթեր Միլան Ծանր Պարտութիւն Կրեց Նափոլիի Դաշտին Վրայ (3-1)

Իտալիոյ ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անցեալ տարեշրջանի «Սերի Ա.»-ի ախոյեան Նափոլի 3-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ինթեր Միլանը: Ինթեր վատ մրցում չունեցաւ եւ շատ աւելի վտանգաւոր առիթներ կորսնցուց, բայց ֆութպոլը առիթ չի գիտեր, եւ կոլ նշանակելը շատ աւելի կարեւոր է, քան առիթներ ստեղծելը: Նափոլի իր 7 առիթներէն երեքը կոլի վերածեց, մինչ Ինթեր 15 առիթներէն միայն 1 կոլ կրցաւ նշանակել: 33-րդ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Ախոյեան Օքլահոմա Իր 3-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

«Էն. Պի. Էյ.» Ախոյեան Օքլահոմա Իր 3-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

«Էն. Պի . Էյ.» ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր յաջորդական 3-րդ մրցումը յաղթանակով աւարտեց 117-100 արդիւնքով` պարտութեան մատնելէ ետք Աթլանթա Հոքսը, վերջինիս դաշտին վրայ: Չեթ Հոլմկրեն (31 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) եւ Շէյ Կիլճիըս-Ալեքզանտր (30 կէտ) եղան Թանտըրի լաւագոյնները, մինչ գերմանացի Այզիա Հարթընսթին իր կարգին 14 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Աթլանթա Հոքսէն Նիքէյլ Ալեքսանտր- Ուոքըր (17 կէտ) եւ...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան.  Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան. Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա

Եւրոպական ֆութպոլը բոլորին ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք «Քլասիքօ» մրցումին, ուր Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան վաղը` ժամը 17:15-ին: Ռէալ Մատրիտ 2 կէտի առաւելութիւն ունի Պարսելոնայի վրայ  4 յաջորդական մրցումներ, (բոլոր մրցաշարքերուն) յաղթելէ եւ միայն 1 կոլ ստանալէ ետք: Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ 5-2 արդիւնքով պարտուելէ ետք Ռէալ Մատրիտ աւելի «հասուն» խաղաոճ կ՛որդեգրէ: Անցեալ տարուան ախոյեան Պարսելոնա պիտի...

Ըմբշամարտ.    Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց

Ըմբշամարտ. Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց

Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ վերջ գտաւ 23 տարեկաններու յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայ ըմբիշ Սուրէն Աղաջանեան, որ կը մրցէր մինչեւ 60 քկ կշիռի դասակարգին մէջ, դարձաւ պրոնզէ մետալակիր` 8-0 արդիւնքով միակողմանի յաղթանակ մը տանելով ամերիկացի Մաքսուէլ Հոփեր Պլէյքի վրայ: Աւելի կանուխ, Ռազմիկ Քուրդեան (130 քկ) 1 պարտութիւն կրելով դարձած էր աշխարհի փոխախոյեան` շահելով արծաթ մետալ: Ստորեւ` հայ ըմբիշներու արդիւնքները...

Էմ. Էմ. Էյ.  Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց

Էմ. Էմ. Էյ. Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց

էմ. Էյ. Էյ.-ի հայ մարտիկ Ժորա Այվազեան փայլուն ելոյթ ունեցաւ Տուպայի Էյ. Սի. Էյ. լիկային իր մրցումին` պրազիլցի Տենիս Սիլվայի դէմ, զայն նաք-աութի ենթարկելով մենամարտի Բ. ռաունտին: Իր առաջին մրցումին, (Էյ. Սի. Էյ.ի Լիկէն ներս) Այվազեան, որ վերջերս 30 տարեկան դարձաւ, իր յաղթական շարքը հասցուց 7 մենամարտի: Ան նախապէս հանդէս եկած էր Փի. Էֆ. Էլ. Պելլաթոր եւ Իկըլ Էֆ. Սի....

Մեսսի Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Ինթեր Մայեմիի Հետ

Մեսսի Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Ինթեր Մայեմիի Հետ

Լիոնել Մեսսի երկար ամիսներու ձգձգումէ ետք վերջապէս որոշեց երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը Ինթեր Մայեմիի հետ`  հաստատելով, որ ֆութպոլի մեծագոյն աստղերէն մէկը պիտի մնայ Էմ. Էլ. Էս.-էն ներս, երբ Ինթեր Մայեմի յառաջիկայ տարի փոխադրուի իր նոր մարզադաշտը: Արեւելեան շրջանի 3-րդ դիրքի վրայ դասուած խումբը իր փլէյ-օֆի մրցումներուն կրնայ սկսիլ հանգիստ մտքով, մանաւանդ որ երկարաձգումը եղաւ ճիշդ ժամանակին` Նաշվիլի դէմ մրցումի նախօրեակին: «Ասիկա...

«Էն. Պի. Էյ.»  Օքալհոմա 2-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց Երկարաձգման

«Էն. Պի. Էյ.» Օքալհոմա 2-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց Երկարաձգման

Անցեալ տարուան «Էն.Պի.Էյ.»-ի ախոյեան Օքալահոմա Սիթի Թանտըր առաւօտեան ժամերուն 141-135 արդիւնքով պարտութեան մատնեց անցեալ տարուան փոխախոյեան Ինտիանա Փէյսըրզը: Ինտիանափոլիսի մէջ տեղի ունեցած մրցումին հիւրընկալ խումբը նոյնիսկ առանց իր վիրաւոր աստղին` Թայրիս Հալիպըրթընի, Թի. Ճէյ. Մաքտոնըլի կրցաւ պայքարիլ ախոյեանին դէմ: Էնտրու Նեմպհարտ վիրաւորուեցաւ առաջին կիսախաղին, բայց եւ այնպէս Ինտիանա գրեթէ պահեստի մարզիկներով շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ ախոյեանին դէմ: Շէյ Կիլճիըս-Ալեքզանտր 55...

Պասքեթպոլ.   ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի իր մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը 71-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ: Առաջին մասին 8 կէտով ետ մնալէ ետք, ՀՄԸՄ հետզհետէ ինքզինք գտաւ եւ կիսախաղի դադար մտաւ 31-41 արդիւնքով յառաջացած: Բ. կիսախաղին պատկերը գրեթէ անփոփոխ էր, մանաւանդ որ ՀՄԸՄ իր 12 մարզիկներէն 11-ը դաշտ ներկայացուց: 5 մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին: Թայլըր...

Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի

Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի

20 տարեկան հայ յառաջապահ Սթեֆան Սողոմոնեան, որ կը խաղայ «Էս. Էմ. Եու.» Մասթընկզ համալսարանական խումբէն, ընտրուեցաւ շաբթուան լաւագոյն մարզիկը` Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու ֆութպոլի ախոյեանութեան: Ան ընտրուեցաւ նաեւ Ատլանտեան շրջանի լաւագոյն յարձակողական մարզիկը: Սողոմոնեան բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը ցուցաբերէ վերջերս` նշանակելով 8 կոլ իր վերջին 4 մրցումներուն: Անցեալ շաբաթ ան փայլեցաւ Էս. Էմ. Եու.-ի երկու մրցումներուն, Պոսթըն քոլեճի (3-2) եւ Սենթրըլ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ, Լիվըրփուլ Եւ Պայերն Յաղթեցին. «Կեցցէ՛ Ազատ Արցախը», Կը Նշեն Պիլպաոյի Համակիրները

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ, Լիվըրփուլ Եւ Պայերն Յաղթեցին. «Կեցցէ՛ Ազատ Արցախը», Կը Նշեն Պիլպաոյի Համակիրները

«Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանի երկրորդ օրուան մրցումներուն մասնաւոր անակնկալներ չարձանագրուեցան, ուր Ռէալ Մատրիտ, Լիվըրփուլ, Պայերն Միւնիխ եւ Չելսի սպասուած արդիւնքներ արձանագրեցին: Ուշադրութիւնը ամէնէն աւելի կեդրոնացաւ Սպանիոյ վրայ, ուր Աթլեթիքօ Պիլպաօ իր առաջին կէտերը ձեռք ձգեց` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ազրպէյճանի Քարապաղ խումբը: Հանդիպումին նկատմամբ ուշադրութիւնը միայն արդիւնքին չէր սահմանափակուած, այլեւ «պասքեր»-ու ակումբի համակիրներուն ժեսթով: Արդարեւ, համակիրները Հայաստանի եւ Արցախի ի...

Քլոփ Պիտի Վերադառնա՞յ Լիվըրփուլ

Քլոփ Պիտի Վերադառնա՞յ Լիվըրփուլ

Վերջերս Լիվըրփուլ շատ լաւ ելոյթներ չ՛ունենար, կամ աւելի ճիշդը` շատ լաւ արդիւնքներ չ՛արձանագրեր, մասամբ մը չար բախտին, մասամբ մըն ալ եգիպտացի Մոհամետ Սալահի ոչ շատ լաւ մակարդակին պատճառով: Նախկին մարզիչ Եուրկըն Քլոփ զրոյցի մը պահուն խօսած է Լիվըրփուլ վերադառնալու հաւանականութեան մասին: Քլոփ, որ 2015-էն 2024 գլխաւորած էր «կարմիրներ»-ը, ըսաւ. «Ես արդէն ըսած եմ, որ այլեւս երբեք չեմ աշխատիր Անգլիոյ «Փրեմիեր...

Քրիսթանինիօ` Իր Հօր Հետքերով

Քրիսթանինիօ` Իր Հօր Հետքերով

Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի անդրանիկ զաւակը` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ճունիոր կամ Քրիսթանինիօ կը շարունակէ իր հօր գծած ճամբան եւ արդէն իսկ Եւրոպայի տարածքին իր մասին կը խօսուի ամէնուրեք: Պատանի յառաջապահը առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցաւ Փորթուգալի պատանիներու ազգային խումբ (16 տարեկանէն վար)` փայլելէ ետք 15 տարեկանէն վար «Վլաթքօ Մարքովիչ» միջազգային մրցաշարքին, ուր երկու կոլեր նշանակեց աւարտականին` Խրուաթիոյ դէմ իր խումբը առաջնորդելով տիտղոսին: Այժմ ան...

Page 85 of 1275 1 … 84 85 86 … 1,275

Արխիւներ