Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 23, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան ժամերուն սկսաւ «Էն.Պի.Էյ.»-ի 2025-2026 տարեշրջանը: Անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր ստացաւ ամբողջական դրական երեկոյ մը` տօնելէ ետք անցեալ տարեշրջանի ախոյեանութիւնը, բարձրացնելով ախոյեանի պաստառը եւ աւելի ուշ յաղթելով Հիուսթըն Ռոքեթցի:

Հիուսթըն Ռոքեթցի դէմ յաղթանակը շատ կարեւոր էր Օքլահոմայի համակիրներուն համար, որոնք տակաւին «չէին մարսած» 2016-ին պատահածը, երբ խումբին թիւ 1 աստղը` Քեւըն Տիւրենթ լքած էր խումբը` միանալով անմիջական մրցակից Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի:

Այժմ Հիուսթընի մարզիկ Տիւրենթ ժխտական կանչերով դիմաւորուեցաւ, եւ Օքլահոմայի բախտէն պատճառ դարձաւ իրենց յաղթանակին:

Շէյ Կիլճիըս-Ալեքզանտր, որ անցեալ տարեշրջանի «Էմ. Վի. Փի.»-ն ընտրուած էր, 2 ազատ հարուածներ նշանակեց մրցումի աւարտէն 2,3 երկվայրկեան առաջ, երբ Տիւրենթ զինք ֆաուլի ենթարկած էր եւ 6-րդ ֆաուլը ըլլալով վտարուած դաշտէն:

Շէյ նշանակեց իր կէտերը եւ Թանտըր 125-124 արդիւնքով յաղթեց, երկու անգամ երկարաձգումէ ետք:

Անցեալ տարուան ամէնէն շատ կէտերը նշանակող Շէյ միայն 5 կէտեր նշանակած էր կիսախաղին, բայց մրցումի աւարտին 35-ի հասցուցած էր այդ թիւը:

Տիւրենթ 23 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Հիուսթընի` իր առաջին մրցումին միանալէ ետք Ֆենիքս Սանզէն:

Ալփերեն Շենկիւն 39 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Ռոքեթցի, որ պահ մը 12 կէտով կը յառաջանար առաջին մասին:

Օրուան երկրորդ մրցումին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ առանց Լըպրոն Ճէյմսի 109-119 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն:

Ճիմի Պաթլըր 31 կէտ նշանակեց եւ Սթեֆ Քըրրի 23 կէտ աւելցուց ի նպաստ Կոլտըն Սթէյթի, որ կրցաւ զսպել Լէյքըրզի բոլոր մարզիկները` բացի Լուքա Տոնչիչէն, որ 43 կէտ նշանակեց:

Նախկին 22 տարեշրջաններուն սկսելէ ետք, Լըպրոն իր 23-րդ տարեշրջանի բացման մրցումին չկրցաւ մասնակցիլ սիաթիքի ցաւեր ունենալուն պատճառով, եւ կը սպասուի, որ մօտ 1 ամիս եւս բացակայի:

Ճոնաթըն Քամինկա 17 կէտ աւելցուց ի նպաստ Ուորիըրզի, մինչ Տոնչիչ 47-րդ անգամ ըլլալով 40 կէտ (կամ աւելի) կը նշանակէր «Էն. Պի. Էյ.»-ի իր ասպարէզին ընթացքին, եւ 3-րդ անգամ` Լէյքըրզի շապիկով:

Տոնչիչ աւելցուց 12 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ իր առաջին ամբողջական տարեշրջանին` Լէյքըրզի հետ, որուն միացած էր անցեալ փետրուարին:

Քըրրի իր 17-րդ տարեշրջանին սկսաւ միայն 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներով, բայց Քամինկա եւ Պատի Հիլտ 5-ական յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեցին: Կոլտըն Սթէյթ 17 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Լէյքըրզ` 8:

Այսօր կը շարունակուին մնացեալ մրցումները, ուր տեղի կ՛ունենան հետեւեալ 12 մրցումները.

Քլիվլենտ Քեվելերզ – Նիւ Եորք Նիքս
Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք
Պրուքլին Նեթց – Չարլոթ Հորնեթց
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Աթլանթա Հոքս
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Պոսթըն Սեթիքս
Նիւ Օրլինզ Փելեքընզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Շիքակօ Պուլզ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Միլուոքի Պաքս
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Եութա Ճեզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տալաս Մեւրիքս
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ֆինիքս Սանզ

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա, Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Արսենալ Յաղթեցին. Նափոլի Ծանր Պարտութիւն Կրեց

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.   ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի
Մարզական

Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Էն. Պի. Էյ.»  Նիւ Եորք Վերջին Մասին Յաղթեց Քլիվլենտին
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Վերջին Մասին Յաղթեց Քլիվլենտին

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?