Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ 10 Տարի Ետք Յաղթեց «Էնֆիլտ»-ի Մէջ

October 21, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, սպասուած մրցումին,  Մանչեսթըր Եունայթըտ 2014-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կրցաւ յաղթել Լիվըրփուլի «Էնֆիլտ» դաշտին վրայ:

Քամերունցի Պրայըն Մպուեմօ մրցումի առաջին վայրկեանէն բացաւ հաշիւը` օգտուելով Ամատ Տիալոյի փոխանցումէն, մինչ Լիվըրփուլի խմբապետ Վան Տայք եւ միջնապահ Մաքալիսթըր գլուխ-գուլխի զարնուելով ինկած էին:

Լիվըրփուլ այս անակնկալ կոլէն ետք փորձեց փոխադարձել, բայց Քոտի Կաքփօ բաւական անբախտ էր, երբ անոր հարուածը զսպուեցաւ Եունայթըտի բերդի սիւնին կողմէ: 3 վայրկեան ետք, Պրունօ Ֆեռնանտեզի հարուածն ալ զսպուեցաւ Լիվըրփուլի բերդի սիւնին կողմէ:

Բ. կիսախաղին Կափքօ անգամ մը եւս անբախտ գտնուեցաւ, երբ ազատ հարուածէ մը ետք, անոր հարուածը անգամ մը եւս զսպուեցաւ բերդի սիւնին կողմէ: Էքիթիքէ, Վերց եւ Ճոնզ դաշտ ներկայացան, եւ Լիվըրփուլ հետզհետէ աւելի տիրապետեց: Սալահ 65-րդ վայրկեանին ստոյգ առիթ մը կորսնցնելէ ետք, Կաքփօ 78-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել Քիեզայի փոխանցումէն ետք: Կը կարծուէր, որ Լիվըրփուլ պիտի նշանակէ կոլ մը եւս, բայց 84-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք, Հարի Մակուայըր գլխու հարուածով նշանակեց «կարմիր սատանաներ»-ու յաղթանակի կոլը: 87-րդ վայրկեանին Կաքփօ առիթ ունէր նշանակելու հաւասարութեան կոլը, բայց անոր գլխու հարուածը անցաւ Եունայթըտի բերդին քովէն` վերջ տալով Լիվըրփուլի յոյսերուն, որ յաջորդական 4-րդ պարտութիւնը կրեց եւ դիրք մը եւս կորսնցնելով իջաւ 3-րդ դիրք:

Արսենալ մնաց առաջին դիրքին վրայ` յաղթելով Ֆուլհամի դաշտին վրայ, մինչ Մանչեսթըր Սիթի 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Էվըրթընին բարձրացաւ 2-րդ դիրք: Եունայթըտ 9-րդ դիրքը կը գրաւէ` 2 կէտով ետ մնալով Լիվըրփուլէն:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Յաջորդը

«Սերի Ա.» Միլանի Երկու Ակումբներն Ալ Յաղթեցին. Նափոլիի Անակնկալ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.