Վերջերս Մոսկուայի բանակայիններու եւ Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբի միջնապահ Արտեմ Բանդիկեան հարցազրոյց մը ունեցաւ իր ակումբի մամլոյ ծառայութեան հետ` նշելով իր արմատները, Հայաստանը եւ իր առաջին զգացումները` Հայաստան այցելութենէն:
Արտեմ Բանդիկեան մաս կը կազմէ Մոսկուայի բանակայիններու խումբին 6 տարեկանէն ի վեր: Աւելի առաջ ան սկսած էր Քոթելնիքիի մէջ ձմրան ֆութսալ խաղալ, իսկ ամրան` ֆութպոլ:
«Երազս էր Մոսկուայի բանակայիններէն խաղալը: 9 տարեկան էի, երբ առաջին անգամ տեսայ հիմնական խումբին փորձը: Փորձէն ետք վազեցինք նկարուելու մարզիկներուն հետ, եւ կրցայ նկարուիլ Իկոր Աքինֆէեւի հետ:
Անսահման էր ուրախութիւնս», ըսաւ Արտեմ:
2005-ին ծնած Արտեմ Բանդիկեան սկսաւ յետսապահ դիրքի վրայ խաղալ, ապա պաշտպանող միջնապահ: Այժմ ան կը կրէ հիմնական խումբին շապիկը` մասնակցելով Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի մրցումներուն:
«Հակառակ անոր որ Արտեմ Բանդիկեան ծնած եւ ապրած է Մոսկուա, այսուհանդերձ իր արմատները հայկական են:
«Ես Մոսկուա ծնած եմ, բայց ծնողներս Վրաստանէն են` Ախալքալաքէն: Փոքր քաղաք մըն է մեծ պատմութեամբ: Ծնողներս վիրահայեր են: Մէկ անգամ այցելած եմ Վրաստան, երբ 5 տարեկան էի: Հայաստան ալ ազգականներ ունիմ: Առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի, երբ ազգային խումբ հրաւիրուեցայ: Հրաւէր ստանալու պէս, առանց վարանումի համաձայնեցայ: Ամէն ինչ դասաւորուած էր, լաւ կազմակերպուած, սիրեցի խումբը, մթնոլորտը, եւ միշտ կ՛ուզեմ երթալ:
Կ՛ուզեմ խաղալ նաեւ ազգային հիմնական խումբին հետ:
Ազգային խումբին հետ էի Փորթուգալի դէմ: Շատ գեղեցիկ ֆութպոլ էր: Հոգ չէ թէ ինչ կը խօսին բոլորը, Փորթուգալ բոլորովին տարբեր մակարդակի խումբ է: Խումբին հետ էի եւ գիտեմ, թէ որքա՛ն դժուար էր: Ամբողջ քաղաքը պանդոկին մօտ էր: Ժողովուրդին խանդավառութիւնը անբացատրելի էր, ոչ միայն դաշտին մէջ, այլ նաեւ ամէն տեղ: Մարդիկ բարձր շէնքեր կը բարձրանային միայն դիտելու համար մրցումը: Անձագիրի հարցեր կային, եւ չկրցայ այդ պատճառով մեկնիլ Շուէտ` երիտասարդներու ազգային խումբին հետ: Այդ ժամանակաշրջանին հիմնական խումբին հետ մարզուեցայ, որպէսզի անիմաստ ժամանակ չկորսնցնեմ: Ծանօթացայ բոլոր տղոց եւ մարզուեցայ անոնց հետ… աղուոր զգացում էր: Ամէն գնով կ՛ուզեմ մաս կազմել ազգային խումբին ամէնէն կարճ միջոցին: Ատիկա ինձմէ կախեալ է: Որքան լաւ աշխատիմ, այդքան շուտ կրնայ ըլլալ, խօսեցայ գլխաւոր մարզիչին հետ, եւ ան յայտնեց, որ կրնայ զիս հրաւիրել մօտիկ ապագային: Ան գիտէ, թէ կրնամ պաշտպանող միջնապահ եւ աջ կողմի պաշտպանի դիրքերու վրայ խաղալ: Ուրեմն լաւ պէտք է աշխատիմ այդ նպատակին հասնելու»:
Արտեմ Բանդիկեան արդէն իսկ 5 անգամ կրած է (21 տարեկանէն վար) երիտասարդներու ազգային խումբին շապիկը եւ այժմ հիմնական տարրերէն մէկն է, որ կը մասնակցի Եուրօ 2027-ի զտումի մրցումներուն:
Այս տարեշրջանին 20 տարեկան հայազգի մարզիկը 9 ելոյթ ունեցած է Մոսկուայի բանակայիններուն հետ` ձեռք ձգելով 2 էսիսթ: