Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը 2025-2026 տարեշրջանի իր 2-րդ հանգրուանի մրցումին պիտի ըլլայ հիւրը Անդրանիկին:
ՀՄԸՄ 90-80 արդիւնքով յաղթած էր իր առաջին մրցումին` Հուփսի դէմ, մինչ Անդրանիկ 85-81 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Քլիւպ Սանթրալէն (Մարքազիէ), այս վերջինիս դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ իր առաջին մրցումին բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ, մինչ Անդրանիկ իր կարգին լաւ մրցում ունեցաւ եւ 11 կէտի առաւելութիւն ալ ունէր, բայց վերջին մասին չկրցաւ պահել իր առաւելութիւնը: Անդրանիկ բաւական երիտասարդ մարզիկներ ունի, եւ փորձառութեան պակասը զգալի է խումբին մէջ:
ՀՄԸՄ պէտք է օգտուի Անդրանիկի մեծ թիւով թըրն-օվըրներէն: Անշուշտ Հուփսի դէմ առաջին կիսախաղի թըրն-օվըրներն ալ պէտք չէ կրկնուին, եւ առանց ճնշումի, դիւրին պէտք է ըլլայ յաղթանակը:
Երեք տարի ՀՄԸՄ-ի հետ մասնակցելէ ետք,
այսօր Գէորգ Գէորգ իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ Անդրանիկի հետ` իր նախկին խումբին դէմ:
Ստորեւ` 2-րդ հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ`
Անդրանիկ – ՀՄԸՄ (ժամը 16:45)
Էն. Էս. Էյ. – Թատամոն Հարաժել (ժամը 20:30)
ՇԱԲԱԹ ՕՐ
Պաթրուն – Ռիատի (ժամը 18:00)
Հուփս – Սաժես (ժամը 21:45)
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ
Շանվիլ – Պէյրութ Ֆըրսթ (ժամը 16:45)