Էսթոնիոյ Ռաքվերէ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ ըմբշամարտի երիտասարդներու միջազգային մրցաշարքը, որուն կը մասնակցին աշխարհի չորս ծագերէն մարզիկներ:
Լիթուանիոյ հաւաքականին մաս կազմող հայ ըմբիշ Տիգրան Մանուկեան մենամարտ մը ունեցաւ թուրք մրցակից Պիւլերթ Տողու Լակափի դէմ:
Մրցումը վերջ գտաւ Տիգրան Մանուկեանի 10-4 արդիւնքով յաղթանակով: Մրցումէն ետք հայ ըմբիշը մօտեցաւ ձեռնուելու թուրք մրցակիցին հետ, որ պարտութիւնը չէր «մարսած» ըստ երեւոյթին եւ դէպի ետ մղեց անակնկալի եկած Տիգրանը:
Զոյգ մարզիկներն ալ (զարմանալիօրէն) պարտուած հռչակուեցան այս դէպքէն ետք:
Ըստ Մանուկեանի, հարցը այս ձեւով չաւարտեցաւ: Մրցումէն ետք, երբ Մանուկեան բարեկամի մը հետ կը զրուցէր մարզադաշտի անցքերէն մէկուն մէջ, թուրք ըմբիշը իր մարզիչին հետ մօտեցան Տիգրանին` իբրեւ թէ ձեռնուելու համար, բայց անակնկալի բերելով զինք հարուածեցին, անոր քիթը կոտրելով: Ըստ ականատեսներու, Հայաստանի ազգային խումբին մաս կազմող խումբ մը մարզիչներ ալ ներկայ էին դէպքի պահուն: Այս միջադէպէն ետք լուրջ լարուած մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ հայ եւ թուրք պատուիրակներուն միջեւ:
Հայաստանի ազգային խումբի մարզիկներ մետալներով վերադարձան:
17 տարեկանէն վար 48 քկ կշիռի մրցումներուն Նարեկ Ալեքեան շահեցաւ ոսկի մետալ, եւ ան 15 տարեկանէն վար նոյն կշիռի մրցումներուն ալ մասնակցեցաւ` շահելով արծաթ մետալ, աւարտականին պարտութիւն կրելէ ետք ազգային խումբին մաս կազմող Վարդան Սահակեանէն:
17 տարեկանէն վար 60 քկ կշիռի մրցումներուն, Վազգէն Մնացականեան շահեցաւ արծաթ մետալ, մինչ նոյն տարիքի մրցումներու 71 քկ կշիռի կարգին մէջ Արամ Սարգսեան շահեցաւ պրոնզ մետալ:
15 տարեկանէն վար մրցումներուն պրոնզ մետալակիր դարձան Մամրիկ Նազարեան (52 քկ), Արամ Սարգսեան (75 քկ) եւ Գոռ Խաչատրեան (85 քկ): 13 տարեկանէն վար մրցումներուն պրոնզ մետալ շահեցան Արիս Գալստեան (26 քկ) եւ Նարեկ Մկրտչեան (41 քկ):