Սպանիոյ «Լա Լիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա դժուար յաղթանակներ արձանագրեցին Խեթաֆէի եւ Ժերոնայի դէմ մրցումներուն` մնալով առաջին երկու դիրքերուն վրայ:
Ռէալ Մատրիտ, շնորհիւ Քիլիան Էմպափէի կոլին (80-րդ վայրկեանին), կրցաւ պարտութեան մատնել Խեթաֆէն, մինչ Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ժերոնային, ուր Ռոնալտ Արաուխօ 93-րդ վայրկեանին նշանակեց Պարսելոնայի յաղթանակի կոլը:
Այսօր Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Յունաստանի Օլիմփիաքոսը` «Չեմփիընզ Լիկ»-ի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն, մինչ վաղը Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Եուվենթուսը: