Անցեալ տարեշրջանի ախոյեան Նափոլի 1-0 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Թորինոյէն եւ կորսնցուց պարագլուխի դիրքը, Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն:
Այս արդիւնքէն օգտուեցան Միլանի ակումբները` Ա. Սէ. Միլանն ու Ինթերը, որոնք յաջորդաբար յաղթեցին Ֆիորենթինային (2-1) եւ Ռոմային (1-0)
Ա. Սէ. Միլան 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցաւ 2 կոլ նշանակել Ռաֆայէլ Լէաոյի միջոցով, եւ 1 կէտի առաւելութիւն ունի Ինթերի վրայ, որ շատ կարեւոր յաղթանակ արձանագրեց Հռոմի մէջ` Ա. Էս. Ռոմայի դէմ:
6-րդ վայրկեանին Անկէ-Եոան Պոնի նշանակեց մրցումին միակ կոլը, Պարսելոնայի փոխանցումէն ետք: Հենրիխ Մխիթարեան բաւական լաւ մրցում մը ունեցաւ եւ 84-րդ վայրկեանին կոլի առիթ մըն ալ ունէր, բայց Ռոմայի բերդին սիւնը… զսպեց զայն:
Ինթեր կոլերով կը գերազանցէ Նափոլին եւ Ա. Էս. Ռոման, որոնք նոյնպէս 15 կէտեր ունին` 1 կէտով ետ մնալով Ա. Սէ. Միլանէն: Այս շաբաթ Նափոլի պիտի հիւրընկալէ Ինթերը:
Եուվենթուս կրեց այս տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 2-0 արդիւնքով տեղի տալէ ետք Քոմոյի դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ: