Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Ա. լիկա»-ի կիսաւարտականի մրցումները կը սկսին վաղը` կիրակի, 17 մարտին:
Արթիկ կը մրցի ՖԻՄԱ-ի դէմ, մինչ երկրորդ մրցումին իրարու դէմ կը ճակատին Ուրարտու եւ Արցախ:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ կիսաւարտականի առաջին մրցումներուն գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան:


