Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ Լիբանան – Հոնկ Քոնկ մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիա – Ովկիանիա թենիսի Տէյվիս-Քափի կիսաւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 7-8 ապրիլին, Լուէյզիի համալսարանին մէջ (Զուք Մոսպեհ):
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան փետրուարի սկիզբը 3-2 արդիւնքով բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Թայփէի դէմ:
Ֆետերասիոնը նշեց նաեւ, որ Լիբանան – Հոնկ Քոնկ մրցումին գծով յառաջիկային յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդէ:



