25-31 մարտին Կոլֆ ակումբին մէջ (Պէյրութի շրջան) տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ասիոյ թենիսի կրտսերներու տղոց եւ աղջկանց 12 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը:
Անոր արդիւնքին լոյսին տակ, առաջին երկու դիրքերը գրաւող կազմերը կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսը, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ այս տարեվերջին` Ղազախստանի մէջ:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող Լիբանանի տղաքը պիտի ըլլան Ֆրետի Սթեֆան, Ֆետի Պայտան եւ Ուիլիըմ Ժատ, իրենց մարզիչին` Թոմաս Ուիլի հետ: Իսկ աղջկանց պարագային հետեւեալ չորսէն երեքը պիտի ընտրուին. Մարիա Պրէյտի, Եումնա Ֆայսալ, Եարա Մատի եւ Անիսիա Համմուտ: Անոնց մարզիչն է Մոհամետ Աթայա:
Կիրակի, 25 մարտին, կէսօրէ առաջ տեղի պիտի ունենայ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Նախորդ տարի Լիբանան դարձեալ հիւրընկալեց այս ախոյեանութիւնը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք): Տղոց պարագային Լիբանան հանդիսացաւ երկրորդ, մինչ աղջիկները` ախոյեան:


