Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական չորս մրցումներուն յայտագիրը:
Ինչպէս ծանօթ է, աւարտականին իրարու դէմ պիտի ճակատին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ:
Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 21 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Երկրորդ մրցումը պիտի կատարուի ուրբաթ, 23 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի մէջ:
Երրորդ մրցումը կը կատարուի կիրակի, 25 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, «Աղբալեան»ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, իսկ չորրորդը` երեքշաբթի, 27 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Մանարայի մէջ:
Հինգերորդ մրցումին թուականը ցարդ հրապարակուած չէ, որովհետեւ եթէ անոր կարիքը զգացուի, այն ատեն միայն պիտի հրապարակուի:


