Ներկայութեամբ Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնի նախագահ զօր. Սուհէյլ Խուրիի, Լիբանանի ձիավարութեան ֆետերասիոնը բացուած յայտարարեց 2018 տարեշրջանը` կատարելով առաջին հանգրուանի իր մրցումը, որ եղաւ արգելարշաւի հանգրուանը, Մաշրեք ակումբին ձիավարութեան յատուկ վայրին մէջ:
Առաջին դիրքը գրաւեց Պասիմա Պուքթի (Տըպպայէ Քաունթրի Քլապ), որ իր նժոյգին` Էտըլֆիի հետ արձանագրեց բաւական տպաւորիչ արդիւնք, 135 արգելապատնէշներ անցնելու ընթացքին ոչ մէկ սխալ գործելով:
Աւարտին Պուքթի իր բաժակը ստացաւ զօր. Սուհէյլ Խուրիէն:



