Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Մեկնաբանին Թուքը

March 15, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Համաշխարհայնացման բարիք-չարիքներէն է պատկերասփիւռի մարզական կայաններու եւ կայքերու տարածումը: Ատոնք այնքան բազմացած եւ շահաբեր դարձած են, որ մեծաքանակ լրագրողներու, աշխատակիցներու, նկարիչներու եւ հաղորդավարներու անմիջական կարիքը կայ, ուրեմն կամաւորները, կամակորները, կամազուրկները գործի լծած են:

Անշուշտ իրենք զիրենք յարգող քանի մը վաւերական ընկերութիւններ եւ աշխատակիցներ միշտ կը պահեն արժէք մը, սակայն բազմաթիւ են անմակարդակ հաղորդումները, ենթակայական մեկնաբանութիւնները, մեկնաբան նկատուած անբանները:

Հեգնական արտայայտութիւններ` ուղղուած մարզիչներու եւ մարզիկներու, բաւական լայն եւ հարուստ շուկայ կը յառաջացնեն, սակայն մարզական դրական մթնոլորտ չեն կրնար ստեղծել, մանաւանդ որ անոնք ալ պիտի հակադարձեն նուազագոյնը նոյն ոճով:

Մրցումներու ընթացքը ներկայացնելու եւ վերլուծումներ ընելու փոխարէն պատմութիւններ պատմելը այնքան տարածուած է, որ երբեմն կոլ կը նշանակուի եւ հաղորդավարը տակաւին պատմութիւնը կը շարունակէ…

Տակաւին չենք խօսիր երբեմնի այն հաղորդավարին մասին, որ բերդի գիծէն գնդակը երբ դուրս ելլէր, կ՛ըսէր. «Կա՛մ աութ է, կա՛մ քորնըր»…:

Վերջին տասնամեակին բազմացած են անգործ մնացած նախկին մարզիկներ, որոնք մարզական պատկերասփիւռի կայանի մը կամ կայքի մը մեկնաբանները եղած են: Անշուշտ անոնց մեծամասնութիւնը թերի ուսում ունի եւ այդ ասպարէզին մէջ արհեստավարժ չէ:

Ատոր վրայ եթէ աւելցնենք մարդկային որակներու աղքատութիւնը, արդարօրէն կրնանք ըսել. «Ասոր գիտցածը ի՛նչ է, խօսածը ի՛նչ պիտի ըլլայ»:

Նոյն կայանի երկու մեկնաբաններ մրցումի մը մասին երկու տարբեր վերլուծումներ կ՛ընեն, մինչ մարզիչը բոլորովին այլ բան կ՛ըսէ:

Աւելի ճապաղ չըլլալու համար, նշենք միջադէպ մը:

Բրիտանական «Սքայ Սփորթս» մարզական պատկերասփիւռի եւ կայքի ֆութպոլի մեկնաբաններէն է Ճէյմի Քարակըր, որ Լիվըրփուլի նախկին մարզիկներէն է:

Շաբաթ, 10 մարտին տեղի ունեցած մրցումի մը արդիւնքէն ըստ երեւոյթին դժգոհ  Քարակըր, երբ դաշտէն դուրս գալով իր ինքնաշարժով կը մեկնէր, թքած է ուրախութիւնը արտայայտող համակիրի մը եւ անոր աղջնակին վրայ: Իսկ արարքը նկարահանուած է:

Անշո՜ւշտ Քարակըր ապա «Թուիթըր»-ի իր էջին միջոցով ներում հայցեց: Իսկ «Սքայ Սփորթս» մինչեւ ֆութպոլային եղանակի աւարտը կախակայե՜ց զայն:

Ահաւասիկ  բրիտանական «բարեկրթութիւն»:

 

 

Նախորդը

«Չեմփիընզ-Լիկ». Մեսսի` Չելսիի Մղձաւանջը. Կէօնիւլ Իր Խումբին` Պեշիքթաշի

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (15 Մարտ 2018)

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.