Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, հինգշաբթի, 21 յունիսին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, վերոնշեալ ակումբին մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելիին մասին:
Այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:


