Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Մանչեսթըր Եունայթըտ գլխաւորեց «Ֆորպզ»-ի կողմէ հրապարակուած` աշխարհի ամէնէն սուղ ֆութպոլի ակումբներուն դասաւորման առաջին դիրքը:
Անգլիական ակումբին արժէքը աւելցաւ 12 տոկոսով եւ այժմ կը կազմէ 4,123 միլիառ ամերիկեան տոլար:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտ (4,088 միլիառ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Պարսելոնա (4,064 միլիառ):



