Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի կազմերէն Նեպի Շիթ իր գումարած մէկ ժողովին տուաւ կարգ մը կարեւոր որոշումներ:
Նախ եւ առաջ ակումբը փոխեց իր անունը, որ վերածուեցաւ Պեքաա-Ղարպիի, կեդրոնը` Նեպի Շիթ:
Յայտարարուեցաւ, որ ակումբի նախագահի ընտրութիւններուն համար թեկնածուներուն առաջադրման պայմանաժամը կը մնայ բաց, մինչեւ 8 յուլիս 2018:
Պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին` խումբը շուտով պիտի սկսի իր փորձերուն: Նոր մարզիչին անունը պիտի յայտարարուի մօտիկ ապագային:
Յայտարարուեցաւ, որ ակումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, տարիքային դասաւորման բոլոր մրցումներուն (կրտսերներ, երիտասարդներ, փոքրեր):



