Գերմանիոյ եւ Պելճիքայի համալսարանական գիտնականներու խումբը իրադարձութիւններու հաւանական զարգացումներու, ինչպէս նաեւ երկիրներու եւ խումբերու վիճակագրական տուեալներու, հարիւր-հազար տարբերակներու վերլուծութեամբ թուաբանական հաշիւ կատարելով ներկայացուց Ռուսիոյ մէջ կատարուող 2018-ի մոնտիալի տիտղոսակիրին անունը:
Առաջինը դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Սպանիա` 17,8 առ հարիւր հաւանականութեամբ: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Գերմանիա (17,1) եւ Պրազիլ (12,3):
Հիւրընկալ երկիրը` Ռուսիա, յոյս չունի տիտղոսին տիրանալու (0,1):



