21-23 յունիսին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ պասքեթպոլի միջազգային քառանդամ մրցաշարք մը, որուն կը մասնակցին Հայաստան, Եգիպտոս, Քաթար եւ հիւրընկալ երկիրը` Լիբանան:
Խումբերը իրարու դէմ պիտի մրցին մէկական անգամ եւ դասաւորման առաջին դիրքը գրաւողը պիտի հանդիսանայ ախոյեան:
Այս մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով մրցաշարքը կազմակերպող ընկերութիւնը` «Սթեփ ըհետ սփորթ սքուլ», «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը:
Ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու տնօրէն, ֆետերասիոնի անդամ` Աքրամ Հալապի, վերոնշեալ ընկերութեան ներկայացուցիչը Ֆետի Քաատի, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, իր մարզիչին` Փաթրիք Սապայի եւ օգնական մարզիչ` Մարուան Խալիլի հետ, Սփորթց ըհետ-ի գլխաւոր մարզիչ` Ֆուատ Ժըրժես, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Յայտարարուեցաւ, որ մրցաշարքին բացումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 21 յունիսին, ժամը 21:00-ին (իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենայ երկու մրցում):
Բացման հանդիսութեան ելոյթ պիտի ունենայ երգիչ Նեժի Ըսթա, իսկ մրցաշարքին տեւողութեան պիտի ըլլան վիճակահանութիւններ, տարբեր տեսակի նուէրներով, որոնցմէ մեծագոյնը պիտի ըլլայ ինքնաշարժ մը:
Աւարտին լիբանանցիներուն կոչ ուղղուեցաւ` քաջալերելու Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ այս մրցաշարքին ընդմէջէն կը նախապատրաստուի Յորդանանի եւ Սուրիոյ դէմ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Լուսանկարները տրամադրեց`
ՍՓՈՐԹՑ ՔՈՏ




