Մարսէյ Դուրս Մնաց
Մրցաշարքէն
«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Դ. հանգրուանի մրցումներէն ետք ցարդ 8 խումբեր ապահովեցին յաջորդ հանգրուանի իրենց տոմսերը, երբ մրցաշարքը այդ հանգրուանին կը շարունակուի «նաք-աութ»-ի դրութեամբ:
Այդ 8 խումբերն են` Պայէր Լեւերքուզըն, Ֆ. Ք. Ցիւրիխ, Սալզպուրկ, Տինամօ Զաղրեպ, Արսենալ, Չելսի, Լացիօ Ռոմա եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ:
Այս վերջին երկու խումբերուն խմբակին (Ը. խմբակ) մաս կազմող Մարսէյ այժմէն իսկ դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ անիկա ունի միայն մէկ կէտ` իր կատարած չորս մրցումներուն 1 հաւասարութիւն եւ երեք պարտութիւն կրելէ ետք:


