Նախորդ շաբաթավերջին երկու օրերու տեւողութեան վրայ (2 եւ 3 նոյեմբեր) Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեքուանտոյի դեղին գօտիներու ախոյեանութիւն:
43 քմ դասակարգին մէջ իր արձանագրած յաջորդական չորս յաղթանակներուն շնորհիւ, 9 տարեկան Ալեքս Միթիլեան հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:
Ալեքս Միթիլեան, որ կը ներկայացնէր «Քոմպաթ Արենա» ակումբը, անոր հետ ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը:
Կը շնորհաւորենք փոքրիկն Ալեքսին այս կարեւոր նուաճումը` յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու մէջ անոր մաղթելով նորանոր յաղթանակներ եւ աւելի բարձր տիտղոսներու ձեռքբերումներ:




