«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը իր հիւրէն` Միլուոքի Պաքսէն, 134-111 արդիւնքով: Քլէյ Թոմսըն (Ուորիըրզ) նշանակեց 24 կէտ:
Այս մրցումին երրորդ քորթըրին, Ուորիըրզի մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի վիրաւորուելով մրցումը չկրցաւ շարունակել:
Հիուսթըն Ռոքեթց 18 կէտի տարբերութեամբ 98-80 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Օքլահոմա Սիթիի դաշտէն:
Վերջինս արձանագրեց յաջորդական իր 7-րդ յաղթանակը:
Ֆէոնիքս Սանզ երկարաձգումէն ետք 116-109 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Պոսթըն Սելթիքսէն: Քիրի Ըրվինկ (Սելթիքս) նշանակեց 39 կէտ, մինչ Տեւին Պուքըր (Սանզ)` 38 կէտ:
Վերջապէս, չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 116-105 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Քլիփըրզին:
Տեմիըն Լիլարտ (Պլէյզըրզ) նշանակեց 25 կէտ:



