Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Վանեցեան եւ Ա. փոխնախագահ, ընդհանուր քարտուղար Արմէն Մելիքբեկեան ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյի հրաւէրով մեկնած էին Ցիւրիխ (Զուիցերիա), յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
6 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Ինֆանթինոյի եւ Վանեցեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին Վանեցեան եւ Մելիքբեկեան ներկայացուցին յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի մէջ ֆութպոլի մարզաձեւի զարգացման հեռանկարները` ի մասնաւորի շեշտը դնելով մանկապատանեկան ֆութպոլին մէջ իրականացուելիք ծրագիրներուն վրայ:
Ինֆանթինօ բարձր գնահատեց ներկայացուած ծրագիրները` յայտարարելով, թէ իրականութիւն դառնալու պարագային, անոնք օրինակելի պիտի ըլլան նաեւ այլ երկիրներու համար:
Հանդիպումին աւարտին Վանեցեան Ինֆանթինոն հրաւիրեց այցելելու Հայաստան:
Նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն, ՖԻՖԱ-ի նախագահին Հայաստան այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին:




