Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 9 նոյեմբերին, տեղի կ՛ունենայ Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Ահլի Նապաթիէ բացման մրցումը:
Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կատարուելիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
Երկու կազմերն ալ կը գտնուին դասաւորման կէսէն վար դիրքերու վրայ. Իսլահ` 7-րդ, Նապաթիէ` 9-րդ:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով եւս, այսօր տեղի պիտի ունենայ բացման մրցում մը, երբ յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Քամիլ Շամունի անուան Մարզական աւանին մէջ, Նըժմէ պիտի հիւրընկալէ Թատամոն Սուրը (7-րդ հանգրուան):
Ստորեւ դասաւորման պատկերը (Բ. դասակարգ)` 8-րդ հանգրուանին նախօրեակին.



