Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 11 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մրցի Հուփսի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Այսօր ժամը 17:00-ին, Աթլաս Ֆըրզոլ կը հիւրընկալէ Մութթահետը:
Այս հանգրուանը սկսաւ երէկ, երբ Շանվիլ 65 կէտի տարբերութեամբ ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պիպլոսը, 122-57 արդիւնքով: Շանվիլէն Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 31 կէտ, մինչ անոր խմբակից Տուայն Ճեքսըն` 28 կէտ:



