Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Լիբանանի Պել-կամընի ֆետերասիոնը կազմակերպեց Լիբանանի Պեք-կամընի բաց ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի «Սուֆարա» սրահին մէջ, իրենց մասնակցութիւնը բերին 132 երկսեռ խաղացողներ:
Լիբանանի Պեք-կամընի ֆետերասիոնի նախագահ Էմիլ Շաղուրի յայտնեց, որ բաղդատմամբ նախորդ տարուան, այս երկրորդ տարուան ընթացքին կազմակերպման իմաստով աւելի լաւ աշխատանք տարուեցաւ եւ անիկա եղաւ բացառիկ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր հովանաւորող ընկերութիւններուն, որոնց շնորհիւ պէտք է ըսել, որ այս մրցաշարքը եղաւ հիանալի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Բաժակներ եւ մետալներ ստացան մրցանակային տեղեր գրաւած խաղացողները (քանի մը տեսակի ախոյեանութիւններ): Անոնք ստացան նաեւ նիւթական պարգեւներ:
Շաղուրի ֆետերասիոնին կողմէ նաեւ յատուկ վկայագիրներ յանձնեց մարզական լրագրողներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ եկան այս ախոյեանութեան յաւելեալ փայլք մը տալու:
PROFOTO
 
			



