Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, կը շարունակէ մարզերուն մէջ կատարել ենթակառոյցներու զարգացման ծրագիրներ:
Սիսիանի մէջ արդէն իսկ իր աւարտին կը մօտենայ ֆութպոլի ակադեմիային շինարարութիւնը:
Արուեստական խոտածածկով խաղադաշտէն բացի, գրեթէ պատրաստ է շահագործման, նաեւ վարչական շէնքը, որ ունի ամէն տեսակի յարմարութիւններ:
Նշենք, որ Սիսիան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն եւ կամ` Ա. դասակարգի ախոյեանութիւններուն մէջ խումբ չունի:




