«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը կատարեց 2018 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը:
Իրենց մրցանակները ստացան բոլոր անոնք, որոնք թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ տիտղոսներ նուաճեցին:
Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները` անոնց մաղթելով մնայուն յաջողութիւն` նկատի ունենալով, որ ատոր շնորհիւ անոնք կու գան բարձր պահելու Լիբանանի անունը:
PROFOTO
 
			



