«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան երկու մրցումներ:
Հիուսթըն Ռոքեթց, որ հիւրը եղաւ Մայեմի Հիթին, 2 կէտի տարբերութեամբ` 101-99 արդիւնքով, պարտութիւն մը կրեց, հակառակ անոր որ Ճէյմզ Հարտեն նշանակեց 35 կէտ:
Երէկուան երկրորդ մրցումին Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 125-121 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Տալաս Մավըրիքսի դէմ:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք լաւագոյն կազմը կը հանդիսանայ Թորոնթօ Ռեփթըրզ (24 յաղթանակ, 9 պարտութիւն), իսկ անոր ետին` Միլուոքի Պաքս եւ Տենվըր Նակեթց (21 եւ 9): Ամէնէն տկար կազմն է Շիքակօ Պուլզ (7 եւ 25), որմէ ետք` Աթլանթա Հոքս (7 եւ 23):



