Երէկ` չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբերին, Չինաստանէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի լողարշաւի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք լողարշաւի աշխարհի 5-րդ ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի գանձապահ Ֆարիտ Ապի Ռաատ, մարզիչ Էլի Պութրոս, ինչպէս նաեւ մարզիկներ Անթոնի Պարպար, Մունզեր Քապպարա, Կապրիելլա Տուէյհի եւ Ուըհպէ Տուէյտի:
Անոնցմէ ոեւէ մէկը մրցանակային որեւէ դիրք չկրցաւ ապահովել:



