Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը:
Ֆետերասիոնը հաւանութիւն տուաւ, որ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը մասնակցի «Քաթար-2022»-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ` Ասիա-2023-ի բաժակի մրցաշարքին:
Ֆետերասիոնը հրապարակեց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (մրցումները տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին):
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, լաւապէս քննարկելէ ետք Ահտ – Նըժմէ մրցումին ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպին բոլոր մանրամասնութիւնները, որոշեց, որ Նըժմէ ախոյեանութեան գծով իր կատարելիք յաջորդ 3 մրցումները կատարէ դռնփակ` առանց իր համակիրներուն:
Ահտ եւ Թատամոն Սուր, 500 հազարական լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան:
Շուէյֆաթի (ֆութսալ) պատասխանատուներէն Ռապիհ Ապու Շաայա, երկու ամիսով կախակայուեցաւ:
Իֆաքի (ֆութսալ) մարզիկներէն մէկը մէկ տարիով կախակայուեցաւ եւ 500 հազար լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Իր երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար, ՀՄԸՄ Պէյրութի (ֆութսալ) մարզիկներէն Մհեր Սիւրմենլեան մէկ մրցումով կախակայուեցաւ:
Ֆետերասիոնին կարգապահական կոմիտէին կողմէ Պըրժ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ դռնփակ` առանց իր համակիրներուն:
7-15 յունուար 2019-ին, Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց ֆութպոլի 6-րդ ախոյեանութեան, լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ նշանակուեցաւ Պասեմ Մոհամետ:


