Թայլանտի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պիչ-ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ բացման մրցումին յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Չինաստանը` 5-3 արդիւնքով, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալէ ետք:
Լիբանան, որ ցարդ երկու մրցում եւս ունի կատարելիք, մեծ յոյսեր ունի անցնելու յաջորդ հանգրուան:
Ասիոյ ախոյեանութեան առաջին եւ երկրորդ հանդիսացողները, ինչպէս նաեւ երրորդ դիրքի մրցումին յաղթականը իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյեանութեան:
Երէկ յետմիջօրէին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ, Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի նախագահ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեանի հետ, անկէ իմացանք, որ լիբանանցի ֆութպոլիստներուն տրամադրութիւնները բարձր են, իսկ աշխարհի ախոյեանութեան տոմս մը ապահովելու կարելիութիւնը շատ մեծ է:



