Կիրակի, 20 յունուար 2019-ին, «Ճիմպօ» մարմնամարզական դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մարմնամարզութեան տարիքային ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Զ. դասարանէն Նարօտ Կիւրիւնլեան:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Նարօտ` վաստկելով երեք ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալներ (տարբեր վարժանքներու մէջ), հանդիսացաւ 2007-2008 ծնունդներու ախոյեան:



